Զիրար չխաբենք` պոռալով

Րաֆֆի Տուտագլեանը լիբանանահայության ճակատագրի  մասին

Զիրար չխաբենք եւ դատարկ ամբոխավարութեամբ չզբաղինք, գրելով ու պոռալով, թէ լիբանանահայութիւնը կայ, պիտի մնայ ու դեռ շատանայ…    

Լիբանանահայութեան ճակատագիրը տարբեր պիտի չըլլայ Միջին Արեւելքի մնացեալ գաղութներուն՝ Եգիպտոսի, Իրաքի, Սուրիոյ եւ միւս երկիրներու հայութեան ճակատագիրէն։ Այսօր, Լիբանանի հայերուն թիւն ու ազդեցութիւնը շատ աւելի նուազ է՝ քան ասկէ 15 տարի առաջ։ Իսկ 15 տարի առաջ ունէինք շատ աւելի նօսրացած գաղութ քան 30 տարի առաջ։

Լիբանանահայութիւնը ունի երկու ընտրութիւն՝ կամ երթալ դանդաղ մաշումի ճանապարհով, կամ ալ ընտրել կազմակերպուած, լաւ ծրագրուած եւ համահայկական ուժերով իրականացուող հայրենադարձութեան ճանապարհը…

Ոչ ոք թող չփորձէ ժողովուրդին միամիտի տեղ դնել եւ հաւատացնել, որ 20 տարի յետոյ Լիբանանի հայութեան թուային պատկերը, տնտեսական հնարաւորութիւնները կամ քաղաքական հնարաւորութիւնները աւելի լաւ պիտի ըլլայ քան այսօր։ 20 տարի յետոյ պիտի ափսոսանք, որ միայն նոստալժիով կը խօսինք լիբանանահայութեան երբեմնի ազդեցիկ ներկայութեան մասին, եւ պիտի ցաւինք մեր սխալ ընտրութիւններուն եւ չկատարած գործերուն համար։

Փոխանակ ամբոխավարութեամբ տարուելու եւ «կեցցէ՛»ներ գոռալով մենք մեզի խաբելու, սկսինք մտածել ճիշդ ընտրութեան մասին։ Populism-ով յայտնի լիբանահայ մի քանի ճամարտակ, ճոռոմաբան ղեկավարներու ականջահաճոյ խօսքերը շատ գեղեցիկ են, այո՛, բայց իրական աշխարհի, իրական լիբանանի, լիբանանահայութեան իրական ցաւերուն հետ կապ չունին, որովհետեւ երկրի տագնապը շատ աւելի խորն է եւ շատ աւելի բազմաշերտ ու երկարատեւ, քան սարսափելի պայթիւնի հետեւանքով մարդկային ահաւոր աղէտը։ Աղէտներու հետեւանքները կարելի է վերացնել եւ պէ՛տք է վերացնել, բայց ատով երկրի տագնապը լուծած չենք ըլլար…

Իսկական ղեկավարները տագնապի ընթացքին ճիշդ եւ վճռական որոշում կը կայացնեն։ Այսօր, աղէտի հետեւանքներու վերացման եւ օգնութեան տրամադրման անյետաձգելի աշխատանքներուն զուգահեռ, պէտք է պատրաստուիլ դիմագրաւելու վճռական ընտրութեան պահը։

Պոռոտախօսութիւնը եւ փոփուլիստական յայտարարութիւնները որոշում չեն, այլ՝ ծրագիր չունենալու եւ որոշում չկարենալ կայացնելու ակամայ խոստովանութիւն…

Դիտարկումները՝ aniarc.am-ից